2009-08-14 14:45:39

Քահանայական տարին ` Քահանայական կոչում


Քահանայական տարին ` Քահանայական կոչում



Ոչ ոք կրնայ քահանայ ըլլալ, եթէ Աստուած չ’ուզէ: Քրսիտոս ինք կը կանչէ եւ Եպիսկոպոսին կ’ուղղէ անոր ապագայ գործակիցը: Այս շնորհքը կը կոչուի ԿՈՉՈՒՄ: Բազմաթիւ են Աստուծոյ կոչերը. սակայն միշտ չեն լսուիր կամ չեն իրականանար:

Ընդհանուր առումով, բաւական է Աստուծոյ եւ հոգիներուն ծառայել, եւ ունենալ քահանային ատակ յատկութիւնները. խելք, առողջութիւն, անձնուիրում, այլասիրութիւն… Ամուր շինելու համար՝ հարկ են հաստատուն հիմեր:

Շատեր կարող են ըսել՝ թէքահանայ ըլլալու իրենց փափքը կը պարտին բարի քահանայ մը բացառիկ օրինակին: Կոչումը կրնայ ծնիլ նաեւ որոշ խոկումներէ եւ մտածումներէ. ենթական վեհանձն հոգւով պիտի ուզէր փրկել իր դպրոցի կամ գործի ընկերները, որոնք մոռցած են իրենց մկրտութեան հաւատքը:

Ճշմատրիտ քրիստոնեայ ծնողները Աստուծոյ իրենց զաւակը տալու միշտ ուրախ կ’ըլլան: Ուրիշներ, ընդակառակն, իրենց զաւակը երբէք չեն քաջալերեր: Ուրիշներ բացարձակապէս կը հակառակին իրենց զաւկին կոչման, եւ ամէն միջոց կը գործածեն զայն իր գաղափարականէն հեռացնելու:

Պատանին, երիտասարդը պարտի, ոչ միայն արգելք չդնել Աստուծոյ գործին իր հոգիին մէջ, այլ նաեւ գործակցիլ Անոր շննորհքին: Որովհետեւ այնքան ալ հեշտ չէ ըլլալ խոնարհ, մաքուր, անկեղծ ու վեհանձն:








All the contents on this site are copyrighted ©.